Գերմանիոյ Մէջ Դատարանը Պունտեսթակի Կողմէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ 8 Դատական Հայց Մերժած Է

Գերմանիոյ դաշնային սահմանադրական դատարանը Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ 8 դատական հայց մերժած է, ըստ News.am-ի՝ կը հաղորդէ Associated Press–ը:

Դեկտեմբեր 19-ին հրապարակուած որոշման համաձայն` հայցուորը բաւարար ապացոյցներ չէ ներկայացուցած առ այն, որ իրենց իրաւունքները ոտնահարուած են, եւ իրաւունքներու ոտնահարումները ակնյայտ են:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 2-ին Պունտեսթակը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւ ընդունած էր: Ատկէ ետք Թուրքիան քանի մը ամիսով ետ կանչած էր իր դեսպանը Պեռլինէն:

Scroll Up