Դանիոյ «ԱրաԳիր» Դպրոցի Սաներու Շնորհակալութիւնը ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան` Երգի Միջոցով

Դանիոյ «ԱրաԳիր» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի սաները շնորհակալութիւն կը յայտնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` դպրոցին ցուցաբերած աջակցութեան համար:
«Առանց Սփիւռքի նախարարութեան տրամադրած գրականութեան, աւելի դժուար պիտի ըլլար երեխաներուն հայերէն սորվեցնելը: Շնորհակալ ենք ձեզ` ձեր կատարած հայապահպան գործունէութեան համար»,- «Հայերն այսօր»-ին ուղարկուած նամակին մէջ կը գրէ դպրոցի տնօրինութիւնը:
Ի դէպ, փոքրիկներն իրենց շնորհակալութիւնը փոխանցած են երգի տեսքով:
«Երեւան դարձած իմ Էրեբունի». Կ’երգեն դանիահայ փոքրիկները: