Կայացաւ Աւետիս Ահարոնեանի Ծննդեան 150- Ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողովը

Դեկտեմբեր 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի  դահլիճին մէջ  տեղի ունեցաւ գրող, ազգային-պետական գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150- ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով:

Բացման խօսքով հանդէս եկան Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ԿՎ ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան:

Ընթերցուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150- ամեակին նուիրուած գիտաժողովի մասնակիցներուն, ուր մասնաւորապէս ըսուած է. «Այսօր մայր բուհի հիւրընկալ յարկի ներքոյ գումարուող պատկառելի այս գիտաժողովին հաւաքուել էք` գնահատելու եւ արժեւորելու 20-րդ դարի մեծագոյն հայորդիներից մէկի` գրող, հրապարակախօս, բանագէտ, ականաւոր հասարակական-քաղաքական գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի գուրծունէութիւնը: Սիրով ողջունում եմ բոլորիդ:

Գաղտնիք չէ, որ ժողովուրդները յարատեւում են նախ իրենց իսկ ծնած ու սնած նուիրեալների շնորհիւ, եւ այս դէպքում առաւել հաւաստի են հնչում Պ. Սեւակի խօսքերը, թէ ժողովուրդը չի ծնում մեծերին, այդ մեծերն են ստեղծում ժողովրդին: Աւ. Ահարոնեանը իր ժողովրդին յաւերժացնող մեծերից է: Այսօր էլ շատ արդիական են այդ մեծ հայի եւ մտածողի դատումները ժողովուրդների յարատեւման ուղիների մասին. «Իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր քաղաքակրթութեան ճամբին անսահման լինելութեան մի անսպառ շաղախ է. մշակոյթը ազգեր հոգեւոր ճիգերի, ստեղծագործական ծածուկ ու հզօր կարելիութիւնների թանձրացումն է»: Ինքն արդէն մեր ազգային հզօր կարելիութիւնների թանձրացումն է, որ հանգամանքների բերումով տեւական ժամանակ հեռացուած էր իրեն ծնող ժողովրդի լինելութեան ընթացքից: Այս գիտաժողովի մի կարեւոր առաքելութիւնն էլ նրա ամբողջական վերադարձի ապահովումն է»:

Ներկայացուեցաւ նաեւ ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի ուղերձը գիտաժողովի մասնակիցներուն:

Գիտաժողովին զեկուցումներով հանդէս եկան գիտնականներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:

Լիագումար նիստը բացուեցաւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս, ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ  Սերժ Սրապիոնեանի «Աւետիս Ահարոնեան մարդը, քաղաքացին, գրողը» թեմայով զեկուցումով, ուր հանգամանօրէն քննութեան ենթարկեց մեծ հայու մարդկային եւ քաղաքացիական կերպարը: Իր ելոյթի աւարտին գրականագէտը առաջարկեց հրատարակել Աւետիս Ահարոնեանի ստեղծագործութիւններու լիակատար ժողովածուն եւ անոր անունով Երեւանի մէջ դպրոց մը անուանակոչել:

Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վարդան Դեւրիկեան ներկայացուց «Ժողովրդական աւանդութիւնները Աւետիս Ահարոնեանի պատմուածքներուն մէջ» զեկուցումը: Ան նշեց, որ Ահարոնեանի ծննդավայր Սուրմալուի գաւառը կը գտնուէր հայկական երկու մեծագոյն խորհրդանիշներու` Արաքս գետի ու Արարատ լերան միջեւ, որ կանխորոշած էր գրողի, քաղաքական եւ հասարակական գործիչի աշխարհըմբռմումը:

Հայ գրականութեան դոկտոր Գրիգոր Պըլտեան (Ֆրանսա) ուշագրաւ զեկուցում կարդաց «Աւետիս Ահարոնեան խորհրդապաշտ» թեմայով: Խօսելով խորհրդանիշներու մասին` ան շեշտեց, որ երբ Ահարոնեան գրողը լռութիւն կ’ըսէ, կը հասկնայ մեթեռլինքեան լռութիւնը:

Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Էտիկ Մինասեան ներկայացուց «Աւետիս Ահարոնեանի դիւանագիտական գործունէութիւնը»: Ան մէջբերաւ Ահարոնեանի մասին Ֆրանսայի պետական գործիչ, դիւանագէտ Ասթրիտ Պրիանի խօսքերը. «Ահարոնեաններ ունեցող ազգը չի կրնար կորսուիլ»:

«Աւետիս Ահարոնեանը եւ անոր ստեղծագործական արժէքները` քննադատական մտքի գնահատմամբ» թեմայով զեկուցում կարդաց բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Սուրէն Դանիէլեան: Ան ողջունեց գիտաժողովի կազմակերպումը` որպէս գրական համաներման, Ահարոնեանի գնահատման, վերաարժեւորման հրաշալի նախաձեռնութիւն:

Ահարոնեան ստեղծագործութեան, քաղաքական, դիւանագիտական գործունէութեան վերաբերեալ ուշագրաւ զեկուցումներ ներկայացուցին բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս Աստղիկ Բեքմեզեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Պետրոս Տէմիրճեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս Յովհաննէս Գրիգորեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր,փրոֆէսոր Տիանա Համբարձումեան:

Փիլիսոփայութեան մագիստրոս Յարութիւն Քիւրքճեան (Յունաստան) հանդէս եկաւ «Ահարոնեան` արուեստագէտ ազգագիր-պատմագիր ամենայն հայոց» զեկուցումով` շեշտելով, որ սփիւռքի հայութեան համար Ահարոնեանն է ամենայն հայոցը:

«Եղիշէ Չարենց եւ Աւետիս Ահարոնեան» թեմայով զուգահեռներ  իրականացուց բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս Սէյրան Գրիգորեան:

Մ. Հ. Արսլանեան ճեմարանի նախկին տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան) ներկայացուց «Նշումներ Աւետիս Ահարոնեանի հասարակական եւ ժողովրդական գործունէութեան մասին»:

Ուշագրաւ էին նաեւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտ Խաչատրեանի, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս Համօ Սուքիասեանի,  բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Քնարիկ Աբրահամեանի զեկուցումները:

Գիտաժողովը ամփոփուեցաւ Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Յովհաննէս Զատիկեանի «Աւետիս Ահարոնեանի քաղաքական բառարանը» թեմայով զեկուցումով, ուր Ահարոնեան արժեւորուեցաւ որպէս հայկական դիւանագիտութեան նախակարապետ: Ան նշեց, որ Աւետիս Ահարոնեանի նամակները` ուղղուած ամենայն հայոց կաթողիկոսին, պէտք է առանձին ուսումնասիրութեան առարկայ դառնան:

Տեղի ունեցաւ աշխոյժ քննարկում եւ հարց ու պատասխան:

Գիտաժողովին նպատակը Աւետիս Ահարոնեան մարդը, գրողը, բանաստեղծը, քաղաքական, հասարակական գործիչը, դիւանագէտը կրկին արժեւորելը, անոր իր ժողովուրդին վերադարձնելն էր, անկախ Հայաստանի մէջ` անկախութեան առաջին ջատագովը բարձրացնելն ու արժեւորելը:

%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d6%80%d5%b8%d5%b6%d5%b5%d5%a1%d5%b61%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d6%80%d5%b8%d5%b6%d5%b5%d5%a1%d5%b62%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d6%80%d5%b8%d5%b6%d5%b5%d5%a1%d5%b64%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d6%80%d5%b8%d5%b6%d5%b5%d5%a1%d5%b65 %d5%a1%d5%b0%d5%a1%d6%80%d5%b8%d5%b6%d5%b5%d5%a1%d5%b66%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d6%80%d5%b8%d5%b6%d5%b5%d5%a1%d5%b67 %d5%a1%d5%b0%d5%a1%d6%80%d5%b8%d5%b6%d5%b5%d5%a1%d5%b68

Scroll Up