Համպուրկի ՄԷջ Տեղի Ունեցած է Նալպանտեան-Մամետեարով Հանդիպումը

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեան ու Էլմար Մամետեարով Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմս Ուորլիքի եւ Սթեֆան Վիսքոնթիի մասնակցութեամբ հանդիպում մը ունեցած են: Այս մասին թուիթըրեան իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան:

«ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ` երէկ Համպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ Մինսկի խումբի երեք համանախագահներուն հանդիպումը»,- նշած է ան

Աւելի առաջ յայտնած էինք, որ Համպուրկի մէջ ընթացող ԵԱՀԿ անդամ երկիրներու ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստի ծիրէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին վերաբերեալ համատեղ յայտարարութիւն մը ընդունած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները` ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, ԱՄՆ պետական քարտուղար Ճոն Քերի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրօ:

Scroll Up