«SAMA» Հայկական Ակումբի 75-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Սան Փաուլոյի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/12/San-Paulo.jpg)
«SAMA» հայկական ակումբի հիմնադրման 75-ամեակին առիթով Սան Փաուլոյի մէջ Նոյեմբեր ամսուն մեկնարկած ձեռնարկներու ծիրէն ներս օրերս տեղի ունեցաւ ցերեկոյթ, որուն մասնակցեցաւ Պրազիլի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Գալոյեան:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ ՀՀ դեսպանը, շնորհաւորելով ներկաները յոբելեանի կապակցութեամբ, բարձր գնահատեց կազմակերպութեան անցած ուղին ու դերակատարութիւնը համայնքային կեանքի կազմակերպման եւ հայապահպանման գործին մէջ:
Դեսպան Գալոյեան յատուկ անդրադարձ կատարեց Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութեան նոր թափ եւ որակ հաղորդելու անհրաժեշտութեան` ընդգծելով, որ հայութեան համընդհանուր նպատակն է Հայաստանի երկարաժամկէտ սոցիալ-տնտեսական զարգացման ապահովումը եւ Հայաստանի շուրջ համայն հայութեան միաւորումը: Իր խօսքին մէջ դեսպանը պրազիլահայերուն նաեւ առաջարկեց հետեւիլ ՀՀ Նախագահի վերջերս հնչեցուցած կոչին եւ հանդէս գալ նոր յաւակնոտ նախաձեռնութիւններով` ի նպաստ Հայաստանի եւ հայութեան համընդհանուր իղձերու իրականացման:
Ձեւաւորուած աւանդոյթին համաձայն` իւրաքանչիւր տարի «SAMA» հայկական ակումբը կը մեծարէ համայնքի վաստակաշատ գործիչներէն մէկուն, եւ այս տարի այդ մեծարանքին արժանացաւ բարերար Աստղիկ Քիսաճիկեան` համայնքի կեանքին մէջ եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար:
Տեղեկանք․ «SAMA» ակումբը հիմնադրուած է Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ 1941 թ․ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ջանքերով` Պրազիլ ներգաղթած հայերը համախմբելու եւ հայ ինքնութեան արժէքներու շուրջ միաւորելու նպատակով: Ակումբը հանդիսացաւ այն անկիւնաքարը, որուն շուրջ ձեւաւորուեցաւ Օզասկոյի եւ Սան Փաուլոյի հայկական համայնքը: