«VIVA OPERA» Խորագիրով Համերգ Ժնեւի «Վիքթորիա Հոլլ» Սրահին մէջ

Դեկտեմբեր 3-ին Ժնեւի հեղինակաւոր «Վիքթորիա հոլլ» սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ «VIVA OPERA» խորագիրով մեծ համերգ, որ կ’ըլլայ հայ-զուիցերական «Աւետիս» կազմակերպութեան «Վիւա» համերգաշարի երրորդ ձեռնարկը: Համերգին կը մասնակցին ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ Բարսեղ Թումանեան, Հայաստանի օփերայի թատրոնի եւ Ս. Փեթերսպուրկի Մարինեան թատրոնի մեներգիչ Յովհաննէս Այվազեան եւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, Ժնեւի «Կրանդ» օփերայի մեներգչուհի Վարդուհի Խաչատրեան:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները` համերգին ընթացքին պիտի հնչեն արեւմտաեւրոպական օփերաներու լաւագոյն գոհարները: Համերգը տեղի  պիտի ունենայ Ժնեւի հայ-զուիցերական «AVETIS FESTIVAL ORCHESTRA» սիմֆոնիկ նուագախումբի նուագակցութեամբ, որ պիտի ղեկավարէ Հայաստանի օփերայի թատրոնի խմբավար Յարութիւն Արզումանեան: Նուագախումբի գլխաւոր խմբավարն է անուանի ջութակահար Սերգէյ Օսթրովսկին, տնօրէնը եւ գեղարուեստական ղեկավարը` Վարդուհի Խաչատրեան:

«Աւետիս» հայ-զուիցերական մշակութային կազմակերպութիւնը 2011 թուականին հիմնադրած է միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, Ժնեւի «Կրանդ» օփերայի մեներգչուհի Վարդուհի Խաչատրեան: Կազմակերպութիւնը կը զբաղի Եւրոպայի մէջ հայկական մշակոյթի տարածմամբ, ինչպէս նաեւ եւրոպացի հանդիսատեսին  կը ներկայացնէ հայ երաժիշտները:

2015 թուականին միութիւնը ստեղծած է հայ-զուիցերական սիմֆոնիկ նուագախումբը, որ իւրաքանչիւր համերգի ընթացքին կը ղեկավարէ ոեւէ հայ  խմբավար:

 

Scroll Up