Թուրքիոյ ՄԷջ Կը Քանդեն Այն Յուշարձանը, որուն Վրայ Գրուած Է Մոնթէ Մելքոնեանի Անունը

Թուրքիոյ Թունճելիի նահանգապետարանը որոշած է քանդել նահանգի Նազըմիյէ գաւառի Աշաղըտօլուճա գիւղին մօտ կանգնեցուած յուշարձանը, որուն վրայ գրուած են Հայաստանի ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի եւ հայ ազատագրական պայքարի այլ հերոսներու անունները, կը գրէ Ermenihaber.am-ը:
Ըստ թրքական «Sozcu» թերթի կայքին` քանդելու որոշումը կայացուած է նոյն թերթի յօդուածագիր Սայկը Օզթիւրքի քննադատական յօդուածէն ետք :
Նշենք, որ յօդուածին մէջ ներկայացուած է հայատեաց գործիչ Տողու Փէրինչէքի` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարի նպատակով հիմնած «Թալէաթ փաշա» կոմիտէի նախագահ Ալի Էրտինչի արձագանքը յուշակոթողի առկայութեան փաստին:
Էրտինչի պնդմամբ` Թուրքիան ներսէն կը թուլացնեն, եւ ատոր կը մասնակցի նաեւ հայկական սփիւռքը:
«Հայկական սփիւռքը ոչ միայն արտերկրի մէջ, այլեւ յատկապէս վերջին շրջանին մեր երկրին մէջ, անջատողական շրջանակներու եւ խումբերու հետ միասին գաղտնի կերպով շարք մը չարամիտ գործողութիւններ կը նախապատրաստեն»:
Նշենք, որ յուշարձանին վրայ բացի Մոնթէ Մելքոնեանի անունէն գրուած է նաեւ Գէորգ Չաուշի, Արմենակ Պաքըրճեանի, Մանուէլ Տէմիրի, Նուպար Եանիկեանի, Անդրանիկ Ուզունեանի անունները:
«Կը դատապարտենք Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կը յարգենք Արմենակ Պաքըրճեանի եւ Հրանդ Տինքի յիշատակը: 100 տարի անց ալ դեռ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի»,-գրուած է յուշարձանին վրայ:

Scroll Up