Թոմ Հենքս Կոչ Ըրած Է Մասնակցելու «Հայաստանի Մանուկներ» Հիմնադրամի Բարեգործական Երեկոյին. տեսանիւթ
«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (COAF) իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ հրապարակած է օսկարակիր դերասան Թոմ Հենքսի մասնակցութեամբ տեսաուղերձը: Ճանչցուած ամերիկացի դերասանը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ հիմնադրամի` Դեկտեմբեր 9-ին Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք կալա երեկոյին:
Թոմ Հենքս կոչ կ’ընէ բոլորին մասնակցելու կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ձեռնարկին` ափսոսանք յայտնելով, որ չի կրնար անձամբ ներկայ գտնուիլ բարեգործական հաւաքին:
«Սա հրաշալի առիթ է ձեր հայկական արմատներուն վերադառնալու համար, իսկ եթէ ազգութեամբ հայ չէք, ուղղակի գացէք կալա երեկոյին ու վայելէք զայն: Աստուած բոլորիս պահապան»,- տեսաուղերձը եզրափակած է Հենքսը:
Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամը (COAF) բարեգործական կազմակերպութիւն է, որուն նպատակն է բարձրացնել գիւղաբնակներու կեանքի որակը համայնքային զարգացման երեխաներու համար նախատեսուած ծրագիրներու միջոցով: Հիմնադրամի համակողմանի ծրագրային իրագործումը սկսած է 2004թ., եւ այդ ժամանակուընէ ի վեր զուգահեռաբար կ’իրականացուին կրթական, առողջապահական, սոցիալական եւ տնտեսական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ կը հիմնանորոգուին համայնքներուն համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքները: