Համացանցային Դրամահաւաք՝ Քարվաճառի Մշակութային Կեդրոնի Նորոգութեան Համար

«Արարատ» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ, համացանցային դրամահաւաքի արշաւ մը սկսած է, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել Արցախի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւմտեան Շահումեան շրջանի Քարվաճառ քաղաքի մշակութային կեդրոնը նորոգելու ծրագիրը։ Կը նախատեսուի յառաջիկայ տարուան գարնան սկսիլ կեդրոնի նորոգութեան, որ պիտի նպաստէ քաղաքի մշակութային եւ տնտեսական բարգաւաճման՝ ըլլալով երիտասարդութեան հաւաքավայր մը։

«Արարատ» հիմնարկը ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որուն կատարուող նուիրատուութեանց գումարները կարելի է տուրքէ զերծ պահել։

Նուիրատուութիւն կատարելու համար, այցելել www.araratfoundation.org կայքը կամ https://donate.constantcontact.com/lp/pages/04104b41-731f-4c81-8e30-28c6397cfdd1 կայքէջը։

Scroll Up