ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Հայկական Կարմիր խաչի Ընկերութեան Ղեկավար Մխիթար Մնացականեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/11/24.jpg)
Նոյեմբեր 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց հայկական Կարմիր խաչի ընկերութեան ղեկավար Մխիթար Մնացականեանը: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաճեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն առնչուող հարցեր: Նշուեցաւ, որ Կարմիր խաչի միջոցով կը տրամադրուի օգնութիւն, որ նպատակայարմար է իրականացնել «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան հետ համատեղ:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց նախաձեռնութիւնը եւ ընդգծեց ծրագիրի նշանակութիւնն ու իրագործելու կարեւորութիւնը: