Դրամահաւաք Նոր Ջուղայի Մէջ` «Հեռուստամարաթոն 2016»-ին Զուգահեռ

«Հեռուստամարաթոն 2016»-ին զուգահեռ, Հինգշաբթի` Նոյեմբեր 24-ին, ժամը` 19:30-էն սկսած, Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ, շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՅԴ «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ՝ տեղի ունեցաւ դրամահաւաք:
Ինչպէս Իրանէն «Հայերն այսօր»-ին կտ յայտնէ Երանուշ Թահմազեան` հանգանակուած գումարը ամբողջութեամբ պիտի փոխանցուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին:
«Իմ Արցախ» նշանաբանին ներքոյ իրականացուած դրամահաւաքին իրենց սրտաբուխ նուիրատուութեամբ մասնակցած են Սպահանի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Սիփան ծ. վրդ. Քեչեջեան, Շահինշահր քաղաքի հոգեւոր տեսուչ Տ. Անանիա ծ. Վրդ. Գուջանեան, Իրանի Իսլ. Խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ Հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ժորժիկ Աբրահամեան, ազգային մարմինները, Հայ դատի յանձնախումբի անդամները, Նոր Ջուղայի և Շահինշահրի թեմի ազգային մարմինները, միութիւնները, դպրոցները եւ ժողովուրդը:
Նշելի է, որ 2003 թուականէն սկսած, ամէնամեայ կարգով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոնին զուգահեռ, Նոր Ջուղայի մէջ եւս տեղի ունեցած է դրամահաւաք:
Լուսանկարները՝ հեղինակին