«Ոսկէ Ծիրանը Անիւներու Վրայ» Կինոփառատօնի Բացումը Ախալքալաքի Մէջ

«Ոսկէ ծիրան» երեւանեան միջազգային կինոփառատօնը արդէն 6-րդ անգամ կը հիւրընկալուի Ջաւախքի մէջ: «Ոսկէ ծիրանը անիւներու վրայ» ծրագիրի ծիրէն ներս նոյեմբեր 8-9-10 Ախալքալաքի մէջ կը ցուցադրուին կինոփառատօնի շարժանկարի ընտրանին, ինչպէս նաեւ Վրաստանի ազգային կինոկեդրոնի կողմէ վերջին տարիներուն ստեղծուած լաւագոյն շարժանկարները: Նոյեմբեր 9-ին, «Ոսկէ ծիրան» կինոդահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ փառատօնի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը:
Ջաւախքի ընդ. առաջնորդական փոխանորդ` Բաբգէն վարդապետ Սալբիյեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ բարձր գնահատեց «Ոսկէ ծիրան» կինոփառատօնի անձնակազմը, որ արդէն 6-րդ անգամ կինոյի լաւագոյն փառատօնը կ’իրականացնեն նաեւ Ջաւախքի մէջ: Այնուհետեւ մասնակցութեամբ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանի փոխառաջնորդը կատարեց օրհութեան կարգ:
Փառատօնի նախագահ` Յարութիւն Խաչատրեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց կինոյի դերն ու նշանակութիւնը մարդոց կեանքին մէջ: «Ոսկէ Ծիրան»-ը Ջաւախքի մէջ կինոփառատօնը կ’իրականացնէ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման հիմնադրամի, ՀՀ-ի մէջ Վրաստանի դեսպանութեան, Վրաստանի ազգային կինոկեդրոնի հետ համագործակցութեամբ:
Նոյեմբեր 8-ին` «Փարաջանով», նոյեմբեր 9-ին` «Ընդհատուած մանկութիւն», «Ջաւախք, յաւերժական հայրենիք», «ժպտացէք», «Անվերջ փախուստ, յաւերժ վերադարձ» շարժանկարները, իսկ նոյեմբեր 10-ին, «Հայկական անիմացիա-75» մուլտծրագիրը եւ «Աղի պէս ճերմակ» շարժանկարը:
«Ոսկէ Ծիրան» կինոփառատօնի փակումը Ախալքալաքի մէջ կ’ազդարարուի «Եթէ բոլորը…» շարժանկարով:
Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան մամլոյ դիւան