«Սա Հայաստան է Եւ Վերջ». Այսօր Լէոնիդ Ազգալդեանի Ծննդեան Օրն է (տեսանիւթ)
Այսօր` Նոյեմբեր 22-ին, Արցախեան պատերազմի առաջին հրամանատարներէն Լէոնիդ Ազգալդեանի ծննդեան օրն է:
Արցախեան շարժման առաջին իսկ օրերէն Ազգալդեանը մասնակցած է ազգային-ազատագրական պայքարին: 1990 թուականի Փետրուարէն վարած է «Անկախութեան բանակ»-ի հրամանատարութիւնը, կազմակերպած շարք մը շրջաններու եւ, յատկապէս, Վարդենիսի ինքնապաշտպանութիւնը:
Ազգալդեանը իր ճակատագիրը ամբողջութեամբ կապած է Արցախի ազատամարտին հետ` սկիզբը գործելով Գետաշէնի եւ Շահումեանի, այնուհետեւ` Մարտակերտի շրջաններուն մէջ:
Արցախի ազատամարտին նոր թափ հաղորդելու նպատակով ալ 1991 թուականի Յունիսին Յովսէփ Յովսէփեանի հետ միասին ան ստեղծած է «Ազատագրական բանակ» ռազմական կազմակերպութիւնը, որ, թէկուզ միայն Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք ճիգերու համադրման իմաստով, նոր որակ էր հայ ժողովուրդի գոյամարտին ծառայագրուած շարժումներու շղթային մէջ, եւ որուն գլխաւոր հրամանատարը մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջը: Լէոնիդի հրամանատարութեամբ Արցախի մէջ 27 բնակավայր ազատագրուած է: Անոր կը պատկանի հետեւեալ թեւաւոր խօսքը «Սա Հայաստան է եւ վերջ»:
Լէոնիդ Ռուբէնի Ազգալդեանը ծնած է 1942 թուականին` Նոյեմբեր 22-ին, Թիֆլիսի մէջ: 1947 – 1959 թուականներուն յաճախած է Երեւանի` Ա. Մռաւեանի անուան դպրոցը: 1960 թուականին ընդունուած է Մոսկուայի Լոմոնոսովի անուան համալսարանի ֆիզիքայի բաժանմունք, ուրկէ յետագային տեղափոխուած է Երեւանի պետական համալսարանի համապատասխան բաժանմունքը եւ զայն փայլուն աւարտած է` ռատիօֆիզիքա մասնագիտութեամբ:
Ազգալդեանը զոհուած է 1992-ի Յունիս 21-ին, Մարտակերտի շրջանի` Տօնաշէն գիւղին մօտ: Յետմահու պարգեւատրուած է ՀՀ եւ ԼՂՀ «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշաններով: