«Արեւելքցիները կ՚երգեն Աստուածամայրը»
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1-ին, հեռատեսիլի France 2 կայանի Chrétiens Orientaux յայտագիրը յատուկ հաղորդումով մը մէկ ժամուան տեւողութեամբ ներկայացուց արեւելեան աւանդական վեց երգչախումբեր, յատուկ մասնակցութեամբ քոյր Մարի Քէյրուզի, որուն կ՚ընկերակցէր աւելի քան 60 հոգիէ կազմուած երգչախումբ մը։ Այդ ընթացքին առիթը ստեղծուեցաւ ունկնդրելու հայկական, եգիպտական, հնդկական, լիբանանեան, թրքական-իրաքեան եւ ուքրաինական կրօնական-երաժշտական կտորներ։ Ձեռնարկը տեղի կ՚ունենար Փարիզի «Թրինիթէ» եկեղեցւոյ մէջ։
Հոգեւոր երգչախումբերու համերգներէն ետք հաղորդավար Թոմա Ուալիւ սրտբաց զրոյց ունեցաւ քոյր Մարի Քէյրուզի եւ Հայաստանը ներկայացնող Վիրժինիա Քերովբեանի հետ։ Վերջինս «Ակն» համոյթի ընկերակցութեամբ հմտութեամբ մեկնաբանեց միջնադարեան շարականներ։ Ան ըսաւ, թէ նշեալ շարականները կարելի է ունկնդրել Փարիզի հայկական եկեղեցւոյ մէջ՝ Պատարագէն առաջ 8.30էն 10.30ի միջեւ։ Շարականի երգեցողութիւն տեղի կ՚ունենայ նաեւ հայաշատ այլ երկիրներու մէջ (Լիբանան, Եգիպտոս եւայլն)։ Իր կարգին քոյր Մարի Քէյրուզ, ի մէջ այլոց, անդրադարձաւ Կոմիտասի ժառանգութեան, ընդգծելով որ այսօր անոր մեղեդիները կը ներկայացուին ո՛չ միայն եկեղեցիներու մէջ եւ այդ հին երգերու վերարտադրումը մեծ հաճոյք կը պատճառէ ունկնդիրներուն։
«Նոր Յառաջ»