«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Եւ «Կլենտէյլ Էտվենթիսչ»ի Դէպի Հայաստան Առաքելութիւնը Եռապատիկ Նպաստ Տրամադրեց
«Կլենտէյլ Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնը եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը Հոկտեմբեր 13-22ին յաջողութեամբ իրականացուցին դէպի Հայաստան իրենց կատարած բժշկական երկրորդ առաքելութիւնը:
Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին հետ գործակցաբար իրականացուած առաքելութեան շնորհիւ մատուցուեցան անվճար բժշկական սպասարկութիւններ եւ կատարուեցան վիրաբուժութիւններ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի սահմանակից Նոյեմբերեանի եւ անոր 30 գիւղերու բնակիչներուն համար:
Սոյն առաքելութեան ծրագրումը Մարտ ամիսէն սկսած էր, առաջնորդութեամբ «Կլենտէյլ Էտվենթիս»չի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Քեւըն Ռապըրթսի։
Առաքելութիւնը առաւելագոյն կերպով արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով, բժիշկներու եւ մասնագէտներու խումբը կանխաւ Հայաստան մեկնած էր, նախապատրաստական աշխատանք կատարելու եւ հսկելու Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ջանքերով Հայաստան փոխադրուած 2.5 թոն բժշկական սարքերուն ու դեղերուն։
Այս բոլորին շնորհիւ, 42 անդամնոց բժշկական կազմը կատարած է 110 վիրաբուժութիւններ, ինչ որ աւելի քան եռապատիկ աւելի էր անցեալ տարուան վիրաբուժութիւններու թիւէն։
Առաքելութիւնը իր ժամանակաւոր դարմանատան մէջ նաեւ կրցած է բժշկական սպասարկութիւններ տրամադրել աւելի քան 1700 քաղաքացիներու: Այս տարի շեշտը դրուած է յատկապէս հիւանդութիւններ կանխարգիլելու նպատակով քննութեանց վրայ։
«Անցեալ տարուան եւ այս տարուան առաքելութեանց միջեւ տարբերութիւնը շատ մեծ էր, որովհետեւ կրցանք շատ բան սորվիլ մեր անցեալ տարուան փորձառութենէն։ Առաքելութեան նպատակն է նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ բժշկական հաստատութիւններու կայացման, բժշկական անձնակազմերուն միջեւ փորձառութեան փոխանակման ու մասնագիտական կարողութիւններու զարգացման», կը յայտնէ «Կլենտէյլ Էտվենթիս»չի նախագահը, յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ տարուան առաքելութիւնը աւելիով կ՛ընդարձակէ իր սպասարկութեանց ցանցը։
«Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը երկար տարիներու փորձառութիւն ունի նպաստներու ճամբով մարդոց կեանքը բարելաւելու մարզին մէջ, իսկ «Կլենտէյլ Էտվենթիս»չի հետ մեր այս համագործակցութիւնը նոր էջ մը բացած է մեր գործունէութեան պատմութեան մէջ, ուր առողջապահութեան մարզի մասնագէտներ առիթը կ՛ունենան ուղղակի կերպով օժանդակելու իրենց սպասարկութեանց ամենաշատ կարիքը ունեցող եւ մեկուսացած վայրերու մէջ բնակող քաղաքացիներուն», կ՛աւելցնէ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի ատենապետ Մարիա Մեհրանեան։
Առաքելութեան աւարտին, մասնակիցները հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեանի հետ, որոնք դրուատած են «Կլենտէյլ Էտվենթիսթ»ի բժշկական անձնակազմին տրամադրած մարդասիրական օժանդակութիւնը եւ առաքելութիւնը կազմակերպողներուն ջանքերը։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են Հայաստանի մէջ առողջապահական համակարգի մրցունակութեան բարձրացման, բժշկական ծառայութեան որակի բարելաւման, հանրային առողջապահութեան, պետութիւնմասնաւոր հատուած համագործակցութեան, մարդուժի վերապատրաստութեան եւ սփիւռքահայութեան ներուժի լիարժէք օգտագործման վերաբերող հարցեր:
Յատկանշական է, որ առաքելութեան կամաւորները ոչ միայն իրենց ժամանակը եւ փորձառութիւնը կը տրամադրեն այս գործին, այլեւ կը հայթայթեն իրենց գործածելիք բժշկական իրերուն, երեթեւեկութեան եւ կեցութեան հարկաւոր գումարները: