Վիգէն Սարգսեան ՀՀ Հանրային Խորհուրդի Անդամներուն Ներկայացուցած Է «Ազգ-Բանակ»-ի Դրոյթները

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան նախաձեռնած քննարկումներու ծիրէն ներս Նոյեմբեր 16-ի երեկոյեան ՊՆ վարչական համալիրին մէջ կայացած է պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հանդիպումը ՀՀ Հանրային խորհուրդի անդամներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման ծրագիրը, «Ազգ-բանակ» գաղափարի կեանքի կոչման դրոյթները:

Տեսակէտներ եւ կարծիքներ  փոխանակուած են առաջարկուող ծրագիրի ներդրման նպատակայարմարութեան, արդիւնաւէտ կիրառման եւ կառավարման, թափանցիկ վերահսկման մեքենականութիւններու ձեւաւորման անհրաժեշտութեան, զինծառայողներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն աջակցելու հասարակութեան պատրաստակամութեան եւ այլ հարցերու շուրջ:

Հաշուի առնելով քննարկուող նախագիծի նկատմամբ հասարակութեան հետաքրքրութիւնը` ՀՀ Հանրային խորհուրդի անդամներն ընդգծած են նման քննարկումներու եւ տեսակէտներու փոխանակման կարեւորութիւնը:

 

Scroll Up