Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Ձեռնարկներուն
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 10-րդ համաժողովին որոշուած է գործուն մասնակցութիւն ունենալ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն: Հարաւային Քորէայի մէջ կայացած համաժողովի ժամանակ ԵՀԽ-ն,
իր յայտարարութեան մէջ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեանն ու անոր հետեւանքներուն, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ նախաձեռնած է իրականացնել շարք մը ձեռնարկներ: Մասնաւորապէս կը նշուի 2015 թուականի ապրիլ 24-ին մօտ ժամկէտներու, Ժընեւի մէջ կազմակերպել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման նուիրուած միջազգային համագումար, որուն ներկայ
պիտի ըլլան միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ ցեղասպանագէտներ: Կը նախատեսուի Ժընեւի մայր տաճարին մէջ կազմակերպել կրօնական արարողութիւն:
Յայտարարութեամբ կոչ պիտի ուղղուի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի անդամ եկեղեցիներուն ոգեկոչել Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը եւ աշխատանքներ տանիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին: