“Դո՛ւն Ի՞Նչ Կ՛ընես Ղարաբաղի Համար”
*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ինչպէս ծանօթ է, 20-24 Հոկտեմբեր 2016ին ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպութեամբ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ կայացած Լրագրողներու համահայկական 8րդ համաժողովի մասնակիցները որոշեցին սկիզբ տալ համահայկական լրատուամիջոցներու “Դո՛ւն Ի՞նչ Ըրած Ես Ղարաբաղի Համար” համահայկական շարժման:
Շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախին եւ մասնակից դառնալ ժողովուրդին տնտեսական ու ընկերային վիճակի բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան:
«Զարթօնք»ի անունով Future կայանէն սփռուած վերոյիշեալ նիւթով հարցազրոյց մը ունենալով (որուն համար շնորհակալ ենք կայանի պատասխանատուներուն եւ Հայկական լուրերու բաժնին), ու զայն համարելով որպէս մեկնակէտ՝ մենք պաշտօնապէս կը յայտարարենք սկիզբը մեր “Դո՛ւն Ի՞նչ Ըրած Ես Ղարաբաղի Համար” կարգախօսով արշաւին՝ «Զարթօնք»ի կարելիութիւնները եւ էջերը տրամադրելով այս վեհ նպատակին:
Կեցցէ՛ Ղարաբաղը եւ անոր հպարտ ու քաջարի ժողովուրդը: