Ջաւախահայ Գեղանկարիչ Համլէթ Արոյեան Պարգեւատրուած Է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Արշիլ Գորկի» Մետալով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/11/Nkarich.png)
Նոյեմբեր 11-ին Նինոծմինտայի մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ անուանի նկարիչ, «Ռաֆայէլ Ջաւախ» կրթամշակութային կեդրոնի բարեկամ Սարգիս (Համլէթ) Արոյեանի ծննդեան 70-ամեակին նուիրուած յոբելեանական երեկոն:
Ինչպէս կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը` յղում կատարելով Կեդրոնի մամլոյ դիւանին, դահլիճի ճեմասրահին մէջ նկարիչին 70 կտաւներ եղած են` սկսած 1970 թուականէն` երբ ան նոր սկսած էր ստեղծագործել, մինչեւ անոր այս տարուան վերջին աշխատանքը: Կեդրոնի ղեկավար, շրջանի մշակոյթի ծառայութեան պետ Ժորա Սնխչեան բեմահարթակ հրաւիրած է յոբելեարը:
Օրհնութեան խօսք ըսած է Տէր Արմաշ քհն Պօղոսեան: Այնուհետեւ` շնորհաւորանքի եւ պարգեւատրման արարողութեան, ելոյթ ունեցած են շրջանի ղեկավար Գագիկ Կարսլեան, Հեշտիայի գիւղապետ Յովսէփ Նիկողոսեան, գրող Ալպերթ Իսոյեան, ուսուցչուհի Լամարա Երանոսեան, բանաստեղծ Յովհաննէս Մարիկեան, նկարիչ Հմաեակ Գրիգորեան, նկարիչին ընկեր Թամազ Մսխուիլիձեն, կեդրոնի գեղարուեստական ղեկավար Սարուխան Ղարսլեան: Համլէթ Արոյեանին քաղաքային խորհուրդի վարչութեան պատուոգիրը, Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Հենզել Մկոյեանի կողմէ անուանական նուէրը յանձնած է Գ. Կարսլեան:
Ժ.Սնխչեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան անունէն «Արշիլ Գորկի» մետալ յանձնած է յոբելեարին: Ծաղիկներով, նուէրներով նշած են իրենց ուրախութիւնը Հեշտիայի հանրային դպրոցներու եւ «Արեւիկ» Կեդրոնի աշակերտներն ու աշխատակիցները:
Ձեռնարկը աւարտած է տօնական ճոխ համերգով, որուն մասնակցած են մշակոյթի տան «Փարվանա» համոյթը, երաժշտական դպրոցի վրացական պարի համոյթը, երգիչներն ու ասմունքողները:
Յաւարտ յոբելեանական երեկոյին, շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկած է անուանի արուեստագէտը` իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելով ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն: Ձեռնարկին մասնակցած են Սամցխէ- Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Հայր Բաբգէն Սալբիյեան եւ Հեշտիայի եկեղեցւոյ վարդապետ Տէր Անտոն Անտոնեան: