Նոր Հաղորդաշար Մը` ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Նախաձեռնութեամբ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/05/logo5.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Նոյեմբեր 29-ին Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով կը սկսի «Կարդում ենք միասին» մշակութային հաղորդաշարի հեռարձակումը` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 25-ամեակին: Հաղորդաշարը կ’իրականացուի Համահայկական աշխարհագրական ընկերակցութեան հետ համագործակցութեամբ` «Սփիւռքի ժամ» ծրագիրի ծիրէն ներս եւ եթեր պիտի հեռարձակուի իւրաքանչիւր երեքշաբթի, ժամը` 23:40-ին, կրկնութիւնը` չորեքշաբթի` 08:25-ին:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` հաղորդաշարին նպատակն է մեծարել հայ գրականութեան դասականները, խոնարհիլ անոնց յիշատակին առջեւ, ինչպէս նաեւ` պահպանել ու տարածել անոնց ստեղծագործութիւնները:
Հաղորդաշարին ընթացքին հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները պիտի ասմունքեն Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու զանազան ոլորտներու ներկայացուցիչներ: Անդրանիկ եթերին ընթացքին կը ներկայացուին հատուածներ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» բանաստեղծութենէն:
Աւելցելենք, որ հաղորդաշարին մէջ արդէն նկարահանուած են Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, լիբանանահայ երգչուհի Շողիկ Թորոսեան, Վենետիկի Քաֆոսքարի համալսարանի դասախօս Սոնա Յարութիւնեան, Աւստրալիոյ «Հայաստան-Սփիւռք» գործակցութեան մարմնի կազմակերպիչ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Աւստրալիոյ մասնաճիւղի ղեկավար Հայկ Լեփեճեան, Սորպոնի համալսարանի հոգեբանութեան եւ լեզուաբանութեան դասախօս Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան եւ այլք: