Հոլանտայի ՄԷջ Քրիստոնէութիւնը Տարածած Է Մեր Հայրենակից Սուրբ Սերվաթիուսը

Մասթրիխթ քաղաքը ամենահին եւ ամենաճանչցուած քաղաքն է Հոլանտայի մէջ, ուրկէ եւ երկրին մէջ տարածուած է քրիստոնէութիւնը: Քրիստոնէութիւնը 354 թուականին Հայաստանէն այստեղ  բերած է մեր հայրենակից Սուրբ Սերվաթիուսը, որ եղած է առաջին եպիսկոպոսը Մասթրիխթի  եւ ՊԵլճիգայի Տօնկերըն քաղաքներուն մէջ: Ան մահացած է 384 թուականին: Մասթրիխթ քաղաքին մէջ անոր գերեզմանին վրայ կառուցուած է Սուրբ Սերվաթիուս տաճարը: Վերջերս քաղաքի Անի հայ համայնքը  եկեղեցւոյ բակին մէջ խաչքար տեղադրեց` ի պատիւ իր հայրենակիցին:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մասթրիխթի Անի հայ համայնքէն եւ Սուրբ Կարապետ եկեղեցիէն` Նոյեմբեր 6-ին Մասթրիխթի Սուրբ Սերվաթիուս տաճարին մէջ Ճոն Տաուցենբերկը ձեռնադրուեցաւ ծայրագոյն վարդապետ: Ձեռնարկը բազմամարդ էր, ներկայ էին տեղի քաղաքապետը եւ մարզի կառավարիչը, ինչպէս նաեւ` Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամները եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակի Հոլանտաայի փոխանորդ Հոգեշնորհ տէր Առէն վարդապետ Շահինեանը:

Սուրբ Սերվաթիուս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ պարոն Խաումանսն իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ այստեղ կը գտնուին Սուրբ Սերվաթիուսի հայրենակիցները, որ մեծ պարծանք էր մեզի համար:

մաստրիխտ2մաստրիխտ1

Scroll Up