«Ձեր Իւրաքանչիւր Հնչիւնը Պիտի Արձագանքէ 10 Միլիոն Հայութեան Հոգիներուն ՄԷջ». տեսանիւթ
Նոյեմբեր 8-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, աւանդոյթի համաձայն, ընդունեց «Մանկական Եւրոտեսիլ-2016» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստանը ներկայացնող Մերի Վարդանեանն ու Անահիտ Ադամեանը եւ Եւրոտեսիլի հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեանը:
Այս տարի փոքրիկ եգչուհիները մրցոյթին պիտի ներկայացնեն Նիք Եգիբեանի եւ Աւետ Բարսեղեանի հեղինակած «Տարբեր» երգը: Ներկայացուած տասնեակ երգերէն Հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբի որոշմամբ «Մանկական Եւրոտեսիլ»-ի համար ընտրուած է յատկապէս այս երգը, որն ի յայտ կը բերէ երկու պատանի երգչուհիներու ոճային տարբերութիւններն ու պայքարը: Երգը կ’աւարտէ ժպիտով ու սիրով եւ կը դառնայ անոնց միասնականութեան առանցքը:
Ողջունելով շնորհալի երգչուհիները` Հրանոյշ Յակոբեան ջերմօրէն շնորհաւորեց անոնց` նշելով. «Նման հեղինակաւոր մրցոյթին մասնակցելն արդէն իսկ յաղթանակ է եւ ես շնորհաւորում եմ ձեզ` այդ առթիւ: Ակնյայտ է, որ դուք իսկապէս շնորհալի էք, ունէք տաղանդ ու բեմական կեցուածք եւ ուզում եմ վստահ լինել, որ բեմում կը կարողանաք այնպէս երգել, որ բոլորը հիանան Հայաստանի ներկայացուցիչներով: Պէտք է յիշէք, որ ձեր յաջողութեանը սրտատրոփ սպասելու են ոչ միայն Հայաստանում, այլեւ աշխարհի բոլոր անկիւններում, որտեղ որ հայ կայ, որ ձեր իւրաքանչիւր հնչիւնն արձագանքելու է 10 միլիոն հայութեան հոգիներուն մէջ»:
Նախարարը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ինչպէս Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեան դերը, այնպէս ալ Գոհար Գասպարեանի ջանքերը` «Եւրոտեսիլ»- ի մէջ Հայաստան պատշաճ ներկայացնելու գործին մէջ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար` «Եւրոտեսիլ»-ի հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեան ըսաւ. «Շատ լաւ է, որ կան աւանդոյթներ եւ այդ աւանդոյթները կը պահպանուին: Ամէն անգամ, երբ մրցոյթի մեկնելէ առաջ մենք կու գանք սփիւռքի նախարարութիւն` կարծես ուժ կ’առնենք Ձեր խօսքերէն ու քաջալերանքէն: Այդ ամէնը պարտաւորեցնող է, եւ մենք ամէն ջանք կը գործադրենք արդարացնելու ձեր սպասումները»:
Այնուհետեւ, գեղեցիկ կատարումներով, խելացի եւ յուզիչ խօսքով հանդէս եկան Մերի Վարդանեանն ու Անահիտ Ադամեանը:
Հանդիպման աւարտին Հրանոյշ Յակոբեան անոնց ծաղիկներ ու գիրքեր նուիրեց` մաղթելով յաղթական վերադարձ Մալթայի մայրաքաղաք Վալեթայէն, ուր Նոյեմբեր 20-ին կը կայանայ «Մանկական Եւրոտեսիլ-2016»-ը: