Հայաստանը Եւ Իրաքը Շահագրգիռ Են Երկկողմ Փոխգործակցութեան Զարգացման Գործին

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է Իրաքի փոխվարչապետ Ռոուշ Նուրի Շաուէյսի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը: Կառավարութեան ղեկավարը գոհունակութիւն յայտնած է երկկողմ փոխգործակցութեան մակարդակէն եւ նշած,
որ այն դրական արդիւնքներ կու տան: «Հայաստանը կարեւորում է եւ շահագրգիռ է Իրաքի հետ յարաբերութիւնների զարգացման եւ խորացման գործում: Տեսնում ենք, որ առկայ է երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման մեծ ներուժ, ինչի
վառ վկայութիւնն է վերջին մէկ տարուայ ընթացքում երկու երկրների միջեւ գրանցուած առեւտրաշրջանառութեան զգալի աճը»,- ըսած է վարչապետը:
Նշելով, որ Իրաքը եւս շահագրգիռ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման գործին, Նուրի Շաուէյսին նշած է, որ իր գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ մեր երկիր ժամանած է իրաքցի գործարարներէ բաղկացած մեծ խումբ, որուն նպատակն է նոր կապեր ստեղծել հայ գործընկերներու հետ:
Կողմերը կարեւոր համարած են նաեւ երկու երկիրներու միջեւ ուղիղ չուերթներու կազմակերպումը, մուտքի արտօնագրերու դիւրացումը: Վարչապետի խօսքով` շինարարական հայկական կազմակերպութիւնները եւս շահագրգիռ են մասնակցելու Իրաքի մէջ այդ բնագաւառէն ներս իրականացուող ծրագիրներուն: Իրաքի փոխվարչապետը ողջունած է այդ գաղափարը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած քննարկել այն իր երկրի կառավարութեան մէջ:
Անդրադառնալով Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան` Տիգրան Սարգսեան նշած է, որ մեր երկիրը կրնայ կամուրջ հանդիսանալ Իրաքի համար ՄՄ-ի անդամ պետութիւններու հետ կապերու սերտացման գործին մէջ: Իրաքի փոխվարչապետը շնորհաւորած է ՄՄ-ի վերաբերեալ հայկական կողմի կայացուցած որոշման առիթով, ինչ որ միայն կը նպաստէ տնտեսական
յարաբերութիւններու զարգացման ու նոր ծրագիրներու իրականացման:
Իրաքի փոխվարչապետը Տիգրան Սարգսեանին փոխանցած է իր երկրի վարչապետ Նուրի Ալ-Մալըքիի ջերմ ողջոյնները: Իր հերթին ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը խնդրած է Իրաքի վարչապետին փոխանցել Հայաստան այցելելու հրաւէրը` իրեն յարմար ժամանակահատուածին:
Այնուհետեւ Տիգրան Սարգսեանի ներկայութեամբ ՀՀ փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը եւ Իրաքի փոխվարչապետ Ռոուշ Նուրի Շաուէյսը ստորագրած են տնտեսական, առեւտրային, գիտական եւ տեխնիկական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր: