ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն
Նոյեմբեր 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան, Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:
Ներկայացուեցան շաբթուան ընթացքին կատարուած ընթացիկ աշխատանքները եւ իրականացուած ձեռնարկները:
Նախարարը յանձնարարեց առաւել հետեւողականութեամբ կեանքի կոչել ՀՀ կառավարութեան ծրագիրի Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերող դրոյթներն ու քայլերը եւ իւրաքանչիւր շաբաթ զեկուցել ծրագիրի կատարման ընթացքը, ամփոփել արդիւնքները եւ ներկայացնել կատարուած աշխատանքները:
Գերատեսչութեան ղեկավարը կարեւոր համարեց կառավարութեան յանձնարարութեամբ նախարարութեան գործունէութեան վերաբերեալ հանրային իրազեկման նոր կարգի մշակումը եւ ատոր կիրառութիւնը, շաբթուան ընթացքին իրականացուած աշխատանքներուն վերաբերեալ ամփոփ տեղեկատուութեան հրապարակումը:
Նախարարը յանձնարարեց աւելի տարածել, կիրառելի ու արդիւնաւէտ դարձնել Սփիւռքի նախարարութեան ելեկտրոնային գրադարանը, համագործակցելով սփիւռքեան դպրոցներուն հետ` թարմացնել մեծ պահանջարկ ունեցող ուսումնական, գիտական եւ գեղարուեստական գիրքերու ցանկը եւ գրադարանին մէջ տեղադրել ատոնք:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն յանձնարարուեցաւ առաւել հետեւողականօրէն իրականացնել իրենց վերապահուած գործառոյթները: Տրուեցան այլ յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ: