«Դո՛ւն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար»

Հոկտեմբեր 20-24 Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի աջակցութեամբ  կայացաւ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը` նուիրուած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին:

Հոկտեմբեր 24-ին՝ Ստեփանակերտի մէջ, համաժողովի մասնակիցները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «Դո՛ւն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» խորագիրով շարժում` ամբողջ աշխարհի հայութիւնը յանձնառու դարձնելու ԼՂՀ-ին օգնելու, ներդրումները խթանելու, ԼՂՀ-ի ընկերային-տնտեսական, գիտակրթական եւ մշակութային կեանքը առաւել զարգացնելու ուղղութեամբ: (ԼՂՀ կառավարութեան ֆինանսական աջակցութեան հաշուեհամարի տուեալներուն ծանօթանալու համար կրնաք սեղմել այստեղ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականը այս խորագիրին ներքոյ իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ այն բոլոր աշխատանքները, որոնք կը նպաստեն շարժման գաղափարի իրագործման:

Scroll Up