Բացուեցաւ Շուէտահայ Արուեստագէտ Թելմա Էմէնի Նկարներու Ցուցահանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/190.jpg)
Շուէտի ՀՀ դեսպանութեան մէջ բացուեցաւ շուէտահայ արուեստագէտ Թելմա Էմէնի նկարներու ցուցահանդէսը: Թելմա Էմէնը (Էմինեան) ծնած է 1945թ. Պոլիս: 1973թ. ի վեր հաստատուելով եւ ստեղծագործելով Սթոքհոլմի մէջ` ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ Շուէտի, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի մէջ եւ այլուր: Անոր նկարները ներկայացուած են աշխարհի տարբեր պատկերասրահներու մէջ, ներառեալ նաեւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Շուէտի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:
Էմէնի ստեղծագործութիւնները, որոնք արուեստագէտուհին կը բնութագրէ որպէս բանաստեղծական ռեալիզմ, կ’անդրադառնան մարդու կենսագործունէութեան վրայ ժամանակակից տարաբնոյթ փորձառութիւններու ազդեցութեան:
Ներկայացուող «Մեր ժամանակը» խորագիրով ցուցահանդէսը եւս բացառութիւն չէ: