Ախալցխայի Հոգեւոր Տեսչութեան Բարեգործական Ծրագիրները Կը Շարունակուին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/27541379-300x225.jpg)
Այսօր հերթական տնայցով Ախալցխայի հոգեւոր տեսչութիւնը սննդամթերք տրամադրած է քաղաք Ախալցխայի փ․ Կամսախուրտիայի 71 հասցէին բնակող Պալոյեաններու ընտանիքին:
Ինչպէս Հայերն այսօրին կը տեղեկացնէ akhaltskha.net-ը` տիկին Գոհարիկը երկար տարիներ կը տառապի շաքարախտով եւ զրկուած է տեսողութենէն: Գտնուելով անմխիթար, անյուսալի վիճակի մէջ` այժմ կ’ապրի իր հարազատ քրոջ օճախին մէջ եւ կ’օգտուի քրոջ հոգատար խնամքէն: