ՀՕՄ-ի Աջակցութիւնը` Հատրութի Վերաբնակեցուած Եւ Հեռաւոր Բնակավայրերուն
«Հայ Օգնութեան Արցախի միաւորի վարչութիւնը, համագործակցելով Հատրութի շրջանի հասարակական բաժինի պատասխանատուին հետ, կազմակերպութեան «Աջակցութիւն սահմանամերձ գիւղերուն» ծրագիրի ծիրէն ներս Հատրութի վերաբնակեցուած եւ հեռաւոր բնակավայրերու թիւով 34 բազմազաւակ ընտանիքներու ցուցաբերեց նիւթական օգնութիւն: Իւրաքանչիւր ընտանիք ստացաւ հագուստեղէն եւ սննդամթերքի տուփ: Հագուստները ուղարկուած էր ՀՕՄ-ի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի ընկերուհիներու, պարսկահայ «Թեւանիկ» խումբի եւ Մարօ, Սաթենիկ եւ Յարութիւն Ծաղիկեաններու կողմէ: Փոխադրամիջոցը տրամադրած էր ԼՂՀ կառավարութիւնը: Շնորհակալութիւն բոլոր բարերարներուն»: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Արցախի ՀՕՄ-ի ֆէյսպուքեան էջէն: