ՄԱԿ-ի Միջազգային Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ ՄԱԿ Կեդրոնակայանին ՄԷջ` ՀԲԸՄ-ի Կազմակերպմամբ

Հոկտեմբեր 24-ին ՄԱԿ-ի միջազգային օրուան կապակցութեամբ կազմակերպութեան կեդրոնակայանին մէջ տեղի ունեցաւ ներկայացում, որ կազմակերպած էր ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութիւնը Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամին հետ համագործակցութեամբ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Ձեռնարկին ներկայ էին ՄԱԿ շարք մը անդամ-երկիրներու, կազմակերպութեան գործակալութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ուսումնական հաստատութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:
Հայկական աւանդական կատարողական արուեստի ու ժամանակակից պարարուեստի համադրութեամբ բեմադրուած ներկայացումը տեղի ունեցաւ «Հոգիս» երաժշտական բեմադրութեան միջազգային մեկնարկի ծիրէն ներս` ցուցադրելով ՀԲԸՄ-ի երկու գործընկեր ծրագիրներու` «Թումօ» ստեղծագործական արհեստագիտութիւններու կեդրոնի եւ ՀԲԸՄ հովանիի տակ գործող Նորքի հայորդաց տան երիտասարդ մասնակիցներու հմտութիւնները: «Հոգիս» բեմադրութիւնը, որուն անդրանիկ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 28-ին Նիւ Եորքի մէջ, հայկական աւանդոյթներու իւրայատուկ մեկնաբանութիւն է` թուային եւ ստեղծագործական արուեստի համադրութեամբ:
Ներկայացման բացման խօսքով հանդէս եկան ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ Մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Զոհրաբ Մնացականեան, ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի պատանեկան զարգացման եւ մասնակցութեան հարցերով պատասխանատու Ճուտիթ Տիրսը եւ «Հոգիս» բեմադրութեան ստեղծագործական տնօրէն, ֆրանսահայ բեմադրիչ Փաթրիք Մալաքեան:
«ՄԱԿ-ը ստեղծուել է յանուն ապագայի, այսինքն` երեխաների: Հէնց երեխաներին պէտք է փոխանցենք այս աշխարհը, եւ դա մեր բոլորիս կարեւոր պարտաւորութիւնն է, որի մասին պէտք է յիշենք», իր ելոյթին մէջ- ընդգծեց ՀՀ դեսպանը: