«Երեկոն Ճոն Մալքովիչի Հետ» Ներկայացում Պուէնոս Այրէսի Գոլիզէօ Թատրոնին ՄԷջ

Հոկտեմբեր 21-ին Պուէնոս Այրէսի «Գոլիզէօ» թատրոնին մէջ մեկնարկեց «Երեկոն Ճոն Մալքովիչի հետ» ներկայացումը, որուն կը մասնակցէին աշխարհահռչակ օսկարակիր դերասան Ճոն Մալքովիչը ինչպէս նաեւ Պուէնոս Այրէսի սիմֆոնիկ նուագախումբը` մայեստրօ Սերգէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ: Ձեռնարկին Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոզարտի, Ճոն Թաւեների եւ Ալֆրետ Շնիտկէի երաժշտութեան ներքոյ ընթերցուեցան արժանթինցի գրող Էռնեսթօ Սապատոյի ստեղծագործութիւնները: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Արժանթինի , Չիլիի, Ուրուկուէի եւ Փարակուէյի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ֆէյսպուքեան էջէն:

Մայեստրօ Սերգէյ Սմբատեանի Արժանթին այցելութեան կապակցութեամբ ընդունելութիւն կազմակերպուեցաւ Արժանթինի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան կողմէ, որուն մասնակցեցան նաեւ Ճոն Մալքովիչը, նուագախումբի մենակատարներ Անաստասիա Տէրենքովան եւ Նինա Գոտովան:
Շարք մը ընդունելութիւններ կազմակերպուեցան նաեւ արժանթինահայ համայնքային կազմակերպութիւններուն կողմէ, մասնաւորապէս, խմբավարը հիւրընկալուեցաւ Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր հանդիպում ունեցաւ արժանթինահայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, իսկ արդէն Հոկտեմբեր 22-ին մասնակցեցաւ Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետարանի եւ արժանթինահայ համայնքային կազմակերպութիւններուն կողմէ իրականացուող «Պուէնոս Այրէսը կը տօնէ Հայաստան» խորագիրը կրող ձեռնրակին:
Այնուհետեւ «Country Club Armenia» հայկական աւանին մէջ մայեստրոն հանդիպում ունեցաւ արժանթինահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, Պուէնոս Այրէսի EMBA երաժշտական դպրոցի հիմնադիր եւ գլխաւոր տնօրէն Վազգէն Պէզազեանի, ինչպէս նաեւ Արժանթինի երաժշտական հաստատութիւններուն մէջ ուսանող եւ երաժշտական գործունէութիւն ծաւալող հայ երիտասարդներուն հետ:

Աւելցնենք, որ «Երեկոն Ճոն Մալքովիչի հետ» համերգ-ներկայացումը Հոկտեմբեր 26-ին կը բեմադրուի նաեւ Արժանթինի Մենտոսա քաղաքի «Independencia» թատրոնին մէջ:

Scroll Up