«Մամուլը Նաեւ Հասարակական, Քաղաքական Պայքարի Հզօր Զէնք Է».Աննա Գիւարգիզեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/IMG_9744.jpg)
«Հայերն այսօր»-ը կը շարունակէ ներկայացնել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրը կրող Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի երեւանեան օրերու նիստերու ընթացքին համաժողովի մասնակիցներու ելոյթներէն հատուածներ:
Աննա Գիւարգիզեան
Մոսկուայի «Ժամը» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր
«Հայ պարբերական մամուլի դերը օտար միջավայրի մէջ ազգային եւ մշակութային արժէքներու տարածման գործին մէջ»
Ազգային եւ մշակութային արժէքներու տարածման գործին մէջ հայ պարբերական մամուլի դերը օտար միջավայրի մէջ դժուար է գերագնահատել: Համայնքը, որպէս այդպիսին, կը կայանայ նախ եւ առաջ որպէս հոգեւոր կառոյց, ուստի տպագիր խօսքի ու պարբերականի միջոցով հաղորդակցուիլը, տուեալ համայնքի համախմբելը, եւ այլ համայնքներու հայութեան հետ մամուլի միջոցով կապելը միշտ ալ եղած եւ կը մնայ կենսական անհրաժեշտութիւն, հոգեւոր պահանջ: Ամէն մէկ պարբերական, եթէ չըսենք անոր իւրաքանչիւր համարը, պատմական վաւերագիր կը դառնայ, որուն պատմական, կենսական ու գործնական նշանակութիւնը վեր է որեւէ կասկածէ: Եւ որքան շատ ըլլան հայ պարբերականները, այդքան մրցակցութիւնը կը մեծնայ եւ որակը կը բարձրանայ:
Այս առումով Կ’ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել շատ կարեւոր հարցի մը վրայ: Այսօր Սփիւռքի թէ՛ հայալեզու եւ թէ՛ օտարալեզու հայ անկախ տպագիր մամուլը կը գտնուի օրհասական վիճակի մէջ, այն օգնութեան կարիքը ունի: Մեր ողջ պատմութեան ընթացքին եթէ, այնուամենայնիւ, որոշ պարբերականներ հիմնուած են որպէս անկախ, ապա կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, չունենալով բաւարար ֆինանսական միջոցներ, կամ փակուած են, կամ ալ հասկնալի պատճառներով ինկած իշխանութիւններու կամ որեւէ կուսակցութեան ու հովանաւոր խումբի ազդեցութեան տակ` դառնալով արտաքուստ անկախ, սակայն բովանդակութեամբ` անոնցմէ յոյժ կախեալ:
Ունինք կուսակցական տպագիր պարբերականներ, որոնք այս կամ այն կուսակցութեան պաշտօնաթերթերն են եւ սկիզբեն ի վեր կոչուած են լուսաբանելու սեփական կուսակցութեան գործունէութիւնը, անոր հասարակական, մշակութային եւ քաղաքական կեանքը, հետեւաբար իրենց նիւթական կարիքները կը հոգայ սեփական կուսակցութիւնը: Ունինք եկեղեցական տպագիր պաշտօնաթերթեր, որոնք կը լուսաբանեն եկեղեցական կեանքն ու կը գոյատեւեն եկեղեցւոյ նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ: Ունինք համայնքին կողմէ հիմնադրուած եւ համայնքի անդամներու ջանքերով կամ համայնքի ոեւէ մեծահարուստի կողմէ ֆինանսաւորուող համայնքային պաշտօնաթերթեր, որոնք կոչուած են առաջին հերթին ներկայացնելու համայնքի կեանքն ու առաջ քաշել անոր խնդիրները եւ այլն․․․ Սակայն, ցաւօք, այս ամէնուն հետ մենք ունինք անհամեմատ քիչ քանակութիւն կազմող անկախ պարբերականներ: Ըլլալով զանգուածային տեղեկատուութեան եւ քարոզչութեան հիմնական միջոցներէն մէկը` մամուլը նաեւ հասարակական, քաղաքական պայքարի հզօր զէնք է, լուսաւորութեան, կրթութեան, գիտելիքներու տարածման, մշակոյթի զարգացման, աշխարհայեացքի ձեւաւորման կարեւոր օղակ: Անկախ մամուլը առողջ հասարակութիւն ձեւաւորելու եւ առողջ սերունդ դաստիարակելու անհրաժեշտ գրաւականն է: Ուստի եւ, հարկաւոր է ըստ արժանուոյն գնահատելով անոր դերն ու նշանակութիւնը «Հոգեւոր Հայաստան» կերտելու գործին մէջ` պետական մակարդակով խրախուսել եւ օժանդակել զայն եթէ ոչ նիւթապէս, ապա գոնէ բարոյապէս: