Լրագրողներու 8-րդ Համահայկական Համաժողովը Շարունակեց Իր Աշխատանքները` «Սփիւռքի Ներուժի Ներգրաւումը ՀՀ Պետականաշինութեան Գործին ՄԷջ» Թեմատիկ Նիստով

Հոկտեմբեր 21-ին Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը շարունակեց աշխատանքները «Սփիւռքի ներուժի ներգրաւումը ՀՀ պետականաշինութեան գործին մէջ» թեմատիկ նիստով, որ վարեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժիկ Սրապիոնեան, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Նոյեան տապան» մետիա հոլտինկի տնօրէն Տիգրան Յարութիւնեան, Լիբանանի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան պատասխանատու Ահարոն Շխրտմեան:

«Սփիւռքի ուծացման ու ձուլման հոլովոյթը» զեկոյցով հանդէս եկաւ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, ան անդրադարձաւ տարբեր ժամանակահատուածներուն մէջ Սփիւռքի համայնքներու ուծացման գործընթացքի պատճառներուն եւ հետեւանքներուն, նշեց այն ուղիներն ու միջոցները, որոնցմով հնարաւոր է պայքարիլ այդ երեւոյթին դէմ:

Ռուսաստանի «Ժամ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Աննա Կիւարկիզեան ներկայացուց Ռուսաստանի մէջ հայապահպանութեան ուղղուած ծրագիրները, իրականացուող աշխատանքները եւ այդ գործին մէջ լրատուամիջոցներու դերակատարութիւնը:

Օտար միջավայրին մէջ ազգային եւ մշակութային արժէքներու տարածման գործին մէջ հայ պարբերական մամուլի դերին անդրադարձաւ Իրանի «Համայնք» լրատուական ցանցի պատասխանատու Ռուբիկ Սարդարեան:

«ՀՀ դիւանագիտութիւնը, սփիւռքեան կառոյցները, համագործակցութեան ուղիները եւ համշէնահայերը» թեմայով համապարփակ զեկոյց ներկայացուց Ռուսաստանի «Հայկական տեղեկատուական կեդրոն» կայքի թղթակից Սաիտա Օհանեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ու անձամբ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին համշէնահայերուն աջակցելու համար: «Սփիւռքի նախարարութիւնը մեծապէս նպաստած է համշէնահայերու` ազգային ինքնութեան վերադարձին եւ Հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման գործին»,- նշեց ան :

 Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի թղթակից Տօնիկ Տօնապետեան անդրադարձաւ ՀՀ պետականաշինութեան գործին մէջ Սփիւռքի ներուժի ներգրաւման հարցին, նշեց այն գործիքները, որոնց կիրառմամբ առաւել արդիւնաւէտ կը դառնայ այդ ներուժի համախմբումն ու ուղորդումը: Ան կարեւորեց երկքաղաքացիութեան հիմնարկի ընդլայնումը:

Ֆրանսայի «Լուսաւոր Աւետիս» կայքի թղթակից Տիգրան Փաշապէզեան ներկայացուց «Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք` 25-ամեայ համագործակցութեան հանրագումարները յետագայ ընելիքները` Մերձաւոր Արեւելքի եւ յարակից տարածաշրջանին մէջ առկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ» զեկոյցը:

Նիստին աւարտին ծաւալուեցան  քննարկումներ զեկոյցներուն մէջ արծարծուած հարցերուն շուրջ:

Համաժողով1Համաժողով2 Համաժողով3Համաժողով4 Համաժողով5Համաժողով6

Scroll Up