Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովի Մասնակիցներն Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ Եւ Եռաբլուր
Հոկտեմբեր 21-ի առաւօտեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան հետ համատեղ իրականացուող Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովի մասնակիցները ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղիկներ խոնարհեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին, որմէ ետք շրջայց կատարեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:
Այնուհետեւ համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Եռաբլուր եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախեան հերոսամարտին, ապրիլեան պատերազմին զոհուած հայորդիներու շիրիմներուն: