Ժողովրդային Հաւաք Եւ Աղօթք՝ Հալէպի Համար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/170.jpg)
Հալէպի ապահովութեան վիճակին վատթարացման ու նախորդ շաբթուան ընթացքին ինկած զոհերու տխուր իրողութեան դիմաց, Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինը Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10ի երեկոյեան, կազմակերպած էր ժողովրդային հաւաք մը՝ աղօթք բարձրացնելու զոհերուն յիշատակին եւ բողոքելու անմեղ քաղաքացիներուն վրայ գործադրուող վայրագութեանց դէմ:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հաւաքին, ընկերակցութեամբ՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի, Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիւանեանի, Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանի, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանի եւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի:
Բացման խօսքը արտասանեց մարմինի անդամներէն Սոնա Մատարեան, որ հրաւիրեց Հայ առաքելական ու աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը աղօթքի պահ մը ունենալու: Հոգեւորականները միասնաբար «Հայր Մեր» եւ «Տէր Ողորմեա» աղօթքները բարձրացուցին առ Աստուած, խաղաղութիւն խնդրելով զոհերուն հոգիներուն համար եւ ապաքինում՝ վիրաւորներուն, ապա, «Հոգւոց հանգուցելոց» աղօթքով յիշեցին բոլոր զոհերը:
Խօսք առաւ Հայաստանի փոխգլխաւոր հիւպատոս Վալերի Մկրտումեան, կազմակերպիչ մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Քէնտիրճեան, անդամներէն՝ Վազգէն Մատէնլեան եւ հոգեւոր առաջնորդներ:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Հալէպի այժմու վիճակը նկարագրող ժապաւէն մը:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, անդրադառնալով Սուրիոյ պատերազմին զոհուած հայորդիներուն պատճառած անդարմանելի վշտին ու կսկիծին, որուն հետեւանքով սուգի մատնուած է համայն հայութիւնը, յիշեց, որ նախորդ օրը, թեմին եկեղեցիներուն մէջ աղօթք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նորագոյն նահատակներու յիշատակին, առանց մոռնալու անցեալ տարիներու նահատակներն ու զոհերը: Ապա, շեշտելով զօրակցական քայլեր ձեռնարկելու կարեւորութիւնը՝ առաջնորդը աւելցուց. «Կորուստներ յիշելը կարեւոր է, սակայն պէտք չէ բաւարարուինք սգալով ու ցաւելով. նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է մեր ցաւն ու զօրակցութիւնը արտայայտել գործնապէս: Սուրիոյ, մասնաւորաբար Հալէպի մեր հարազատներուն գործո՛վ պիտի ըսենք, որ թէեւ ֆիզիքապէս հեռու ենք իրենցմէ, սակայն հոգւով կ՛ապրինք իրենց հետ, կը զգանք իրենց ցաւն ու սուգը, եւ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ զօրակից ենք իրենց»: Ապա սրբազան հայրը ա-ղօթք բարձրացնելով՝ խնդ-րեց, որ Աստուած շուտով խաղաղութեան ափ առաջնորդէ Սուրիան ու բոլոր տագնապահար երկիրները, «իր Ս. աջը պահապան պահէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, մասնաւորաբար Հալէպի մեր հարազատներուն վրայ եւ հովանի ըլլայ մեր զօրակցական քայլերուն»: