«Համաժողովի Խորագիրը Ազգային Միասնականութեան Խորհուրդը Ունի». Պայծիկ Գալաճեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/IMG_4690.jpg)
Հոկտեմբեր 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ մեկնարկեց «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրը կրող Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը, որ կազմակերպած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի եւ լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան հետ համատեղ:
Համաժողովի մասնակիցներէն «Արմինյըն միրըր սփեքթէյթոր» շաբաթաթերթի թղթակից, ամերիկահայ Պայծիկ Գալաճեան «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին նախ անդրադարձաւ համաժողովի խորագիրին` ըսելով.«Մեզի համար այս խորագիրի ներքոյ համաժողովի իրականացումը խիստ կարեւոր էր: Իմ անձնական օրինակով կրնամ փաստել, որ մինչեւ Հայաստանի անկախացումը կ’երազէինք, թէ երբ պիտի գայ պետականութիւն ունենալու եւ անկախ Հայաստան կերտելու օրը: Եկաւ այդ բաղձալի օրը, եւ մենք համախմբուեցանք մեր Հայրենիքին շուրջ: Հետեւաբար ինծի համար խորագիրը ազգային միասնականութեան խորհուրդը ունի: Հայաստան ինչպիսին ալ ըլլայ, այն մերն է, մենք մէկ հիւլէն ենք մեր Հայրենիքին, որ պէտք է պահենք ու փայփայենք: Ըլլալով մանկավարժ` այս նոյն գաղափարախօսութիւնը նաեւ աշակերտներուս կը փոխանցեմ»:
Պայծիկ Գալաճեան կը կարծէ` նմանօրինակ համաժողովներուն մասնակցիլը աշխարհի տարբեր կողմերու մէջ սփռուած հայերուն Հայաստանի շուրջ համախմբուելու բացառիկ առիթ կու տայ: Անցեալին տեղի ունեցած բոլոր համաժողովներուն մասնակցած է, որոնք բարձր մակարդակով անցած են եւ զգալի արդիւնք տուած: Կարեւոր կը համարէ նաեւ այն հանգամանքը, որ լրագրողներուն միջեւ փոխճանաչման դաշտ կը ձեւաւորուի, մտքեր կը փոխանակուին, հայապահպանական տարբեր թեմաներ կ’արծարծուին` վերջնական եզրահանգման գալով:
«Հայ լրագրողներու միախմբումը պիտի չիրականանար, եթէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը գոյութիւն չունենար եւ նման հիասքանչ նախաձեռնութեամբ հանդէս չգար: Եթէ համաժողովներուն ժամանակ ներկայացուած առաջարկներուն միայն կէսը կեանքի կոչուին, ապա ամէն բան, վստահաբար, լաւ պիտի ըլլայ:
Առհասարակ, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ տարուող հսկայական աշխատանքը, որ կը կատարէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը իր ժրաջան աշխատակազմով, միայն դրուատանքի արժանի է»,-եզրափակիչ խօսքին մէջ ըսաւ լրագրողը` աւելցնելով, որ համաժողովին մասնակցիլը իրենց դրական ուժ կու տայ, որմէ ետք , Հայրենիքի ուժով լեցուած, վերադառնալով բնակութեան երկիրներ` կը սկսին աւելի եռանդով աշխատիլ:
Գէորգ Չիչեան