Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մասթրիխթի Մէջ Այցելած է Հայկական Սուրբ Կարապետ Եկեղեցի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/Մաստրիխտ.jpg)
Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով աշխատանքային այցով Նիտըրլանտներու Թագաւորութեան Մասթրիխթ քաղաք գտնուող ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր առաւօտեան, մինչ գագաթնաժողովին մեկնարկը, այցելած է քաղաքի հայկական Սուրբ Կարապետ եկեղեցի, ուր կարճատեւ հանդիպում ունեցած է եկեղեցական վարչութեան անդամ «Անի» հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, զրուցած համայնքային առօրեային, խնդիրներուն, ծրագիրներուն, հայրենիքի հետ համագործակցութեան ամրապնդման հնարաւորութիւններուն շուրջ, նաեւ պատասխանած հանդիպման մասնակիցներուն հետաքրքրող հարցերուն: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամուլի ծառայութենէն:
Հայոց պատմական մայրաքաղաքի յիշատակին անուանուած «Անի» հայ համայնքը մշտապէս կը մասնակցի համահայկական խնդիրներու շուրջ հոլանտահայկական կազմակերպութիւններու ձեռնարկներուն:
2012-ին Լիմպուրկի նահանգի կաթոլիկ եկեղեցւոյ որոշումով՝ Քրիստոսի համբարձման եկեղեցին նուիրուած է հայկական համայնքին, որ 2013-ի սկիզբը օծուած է Սուրբ Կարապետ` ի յիշատակ Ամսթերտամի հին հայկական եկեղեցւոյ: Նուիրատուութիւնը իրականացուած է իբրեւ երախտագիտութիւն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի աշակերտ եւ Մասթրիխթի սուրբը համարուող հայ Սուրբ Սերուատեսի, ինչպէս նաեւ քաղաքի ու նահանգի զարգացման գործին «Անի» համայնքին եւ ընդհանրապէս Մասթրիխթի մէջ ապրող հայերու ունեցած դրական ներդրման: