«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Դրամահաւաք-2016 Քարոզարշաւը Կը Մեկնարկէ Փոստային Նուիրատուութիւններով

Հիմնադրամի 2016-ի դրամահաւաք քարոզարշաւը կը մեկնարկէ Հայփոստի հետ համատեղ իրականացուող դրամահաւաք-ձեռնարկով, որ այս տարի կ՝իրականացուի «Իմ Արցախը» խորագիրին ներքոյ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Հիմնադրամի տեղեկատուական կեդրոնէն:

Նախորդ տարիներուն նման նուիրատուութիւնները պիտի ընդունուին Հայփոստի երեւանեան եւ մարզային բոլոր բաժանմունքներուն մէջ` հնարաւորութիւն տալով ցանկացողներուն մասնակից դառնալու Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման:

Սկսելով Հոկտեմբեր 20-ին` փոստային նուիրատուութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ տարեվերջ: Մեզմէ իւրաքանչիւրին նուիրատուութիւնը նոր ծրագիրի մը սկիզբն է:

Հեռուստամարաթոն 2016-ի գլխաւոր հովանաւոր – ՀԱՅԲԻԶՆԵՍԲԱՆԿ
Գործընկեր – ՀԱՅՓՈՍՏ

Scroll Up