Հալէպի ՄԷջ «Մարդասիրական Դադար» Հաստատուած Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/Հրադադար-հալեպ.jpg)
Հոկտեմբեր 20-ի առաւօտեան «Հումանիտար դադար» հաստատուած է Հալէպի մէջ: Ինչպէս կը նշուի Սուրիոյ զինուած ուժերու հրամանատարութեան յայտարարութեան մէջ, այն կը շարունակուի տեղական ժամանակով ժամը 08:00-էն մինչեւ 19:00, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը:
Սուրիոյ կառավարութիւնը նախապէս յայտարարած Էր, որ Հալէպի քանի մը շրջաններու մէջ զօրքերը ետ կը քաշուին իրենց դիրքերէն, որպէսի «զինեալները հնարուորութիւն ունենան յատուկ ստեղծուած միջանքցներով հեռանալ Հալէպի արեւելեան շրջանններէն»:
Իշխանութիւնները «բոլոր միջոցները ձեռնարկած են, որպէսզի իրականացուի խաղաղ քաղաքացիներու ու վիրաւորներու անարգել տարհանումը, ինչպէս նաեւ ապահովուի զինեալներու դուրսբերումը արեւելեան թաղամասերէն»:
Ինչպէս կը նշԷ SANA լրատուական գործակալութիւնը, բնակիչներու ու անզէն ապստամբներու խումբերը սկսած են դուրս գալ քաղաքի` սուրիական բանակի կողէ պաշարուած մասէն: Անոնց մէջ կան վիրաւորներ ու հիւանդ մարդիկ: Զինծառայողները եւ Սուրիոյ Կարﬕր մահիկի ընկերութեան կամաւորները օգնութիւն կը ցուցաբերեն անոնց եւ կ’ուղեկցին մինչեւ ժամանակաւոր տեղաւորման վայրեր, ըստ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան: