Քալիֆորնիոյ Հայերը Միսիոնարուհի Մարիա Եակոպսընի Յիշատակին Յուշարձան Մը Պիտի Տեղադրեն

Քալիֆորնիոյ Սոլվանկ քաղաքին մէջ պիտի տեղադրուի դանիացի միսիոնարուհի Մարիա Եակոպսընի յուշարձանը, որ օգնած է հայերուն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, կը գրէ News.am-ը:

Սոլվանկի եկեղեցիին մէջ պիտի հաւաքուին Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական եկեղեցիներու շուրջ 50 ներկայացուցիչներ, որպէսզի յարգեն Մարիայի յիշատակը: Անցած դարու սկիզբը Մարիան Օսմանեան կայսրութիւն  ուղեւորուած էր որպէս միսիոնարական առաքելութեան անդամ:

Ցեղասպանութեան ժամանակ Մարիան փրկած է մօտ 3 հազար հայ երեխաներ ու որդեգրած անոնցմէ երեքը: 1922-ին Եակոպսըն շատ երեխաներու տեղափոխած է մանկատուն, որ բացած էր Պէյրութէն ոչ հեռու: Հայերը Մարիային կ’անուանեն «մայրիկ»:

Մարիա Եակոպսըն ղեկավարած է մանկատունը մինչեւ 1960 թ․, ան եղած է հայերու ֆիզիքական բնաջնջման ականատեսը:

Scroll Up