Ցեղասպանութեան Նուիրուած Աշակերտական Վաւերագրական Ֆիլմը՝ Մրցանակակիր
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/0000Cushman2.jpg)
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի մէջ գործոց «Շօա» հիմնարկին յանձնուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու վկայութիւնները օգտագործած Քենզասէն միջնակարգի երեք աշակերտներ՝ Քոլին Քաւինես, Լուք Պոյտըն եւ Քոլին Էվըրթս վերջերս արժանացած են «Լօուըլ Միլքըն» կեդրոնի 2016ի «Բացայայատումի մրցանակ»ին։
Նշեալները, իրենց ուսուցիչ Նէյթըն ՄըքԷլիսթըրի առաջնորդութեամբ, 10 վայրկեաննոց վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստած էին իբրեւ իրենց 201-2016 դպրոցական տարեշրջանի մէկ պարտականութիւնը։ «Էմա Տարլինկ Քուշմըն. Լոյս Մը Մութին Մէջ» խորագրուած ֆիլմը նուիրուած է Ցեղասպանութեան օրերուն հազարաւոր հայ որբեր փրկած ամերիկացի հիւանդապահուհի Էմա Տարլինկ Քուշմընի բարեգործութեան, որ բաւարար ուշադրութեան չէր արժանացած։
Իրենց ուսումնասիրութեան ընթացքին, աշակերտները առիթը ունեցան նաեւ հարցազրոյցներ կատարելու ցեղասպանագէտ եւ «Շօա» հիմնարկի հայկական բաժանմունքին խորհրդական փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի դաստիարակչական բաժանմունքի պատասխանատու Սարա Քոհընի եւ «Շօա» հիմնարկի անձնակազմի անդամներուն հետ։
Աշակերտները նաեւ 7500 տոլարի նիւթական վարձատրութեան արժանացած են։
Քենզաս հաստատուած «Լօուըլ Միլքըն» կեդրոնը այս մրցանակին շնորհիւ կը ձգտի լուսարձակի տակ առնել այն բարերարները, որոնց գործունէութիւնը մեծ մասամբ շուքի տակ մնացած է։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: