Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց ՀՀ Մշակոյթի Նորանշանակ Նախարարը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հոկտեմբեր 17-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարար տիար Արմէն Ամիրեանը, կը տեղեկացնեն Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Շնորհաւորելով նախարարը նշանակման կապակցութեամբ` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը զինք մաղթեց արդիւնաւէտ ծառայութիւն ի նպաստ Հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի մշակութային կեանքի զարգացման:

Վեհափառ Հայրապետը, կարեւոր համարելով մշակոյթի դերակատարութիւնը հայոց կեանքին մէջ, մասնաւորապէս ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը դարերուն ընթացքին նաեւ իր մշակոյթի շնորհիւ  կրցած է ապրիլ ու յարատեւել:

Նորանշանակ նախարարն իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան օրհնութեան ու գնահատանքի համար եւ կարեւոր նկատեց նախարարութեան համագործակցութիւնը Մայր Աթոռին հետ:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ եղաւ նախարարութեան գործունէութեան եւ առկայ մարտահրաւէրներուն, խօսուեցաւ նաեւ սրբավայրերու ու պատմամշակութային այլ յուշարձաններու պահպանութեան խնդիրներուն մասին:

 

Scroll Up