Հալէպի ՄԷջ Ներկայիս Խաղաղ Է, Բոլոր Դպրոցները Կ’աշխատին

Հէնց նոր ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը լուր ստացաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր պարոն Ժիրայր Ռէիսեանէն, որ յայտնեց, թէ  Հալէպի մէջ ներկայիս  խաղաղ է, բոլոր դպրոցները կ’աշխատին, ռմբակոծութիւնները դադրած են, չնայած մթնոլորտին մէջ դեռ լարուածութիւն կայ:

Յ.Գ. պարոն Ռէիսեան յայտնեց, որ ընկերներուն հետ տուեալ պահուն սուրճ կը խմէ:

Կը յայտնենք նաեւ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, ոչ թէ նոր  սկսած է համակարգել սուրիահայերու հետ տարուող աշխատանքները, այլ ատոնք 2012 թուականէն աշխուժօրէն կ’իրականացուին: Նախորդ տարիներուն ընթացքին ՀՀ կառավարութեան կողմէ Հայաստան տեղափոխուած սուրիացի փախստականներուն ցուցաբերուած աջակցութիւնը եւ վերջիններուս մօտ առկայ հիմնախնդիրներու լուծման նպատակով իրականացուած աշխատանքները ս.թ. Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի 71-րդ նստաշրջանին ճանչցուած են որպէս օրինակելի:

Scroll Up