Դամասկոսի Համազգայինի Վարչութիւնը Սուրիական «Ֆարահ FM» Ռատիոկայանին Հիւրն Էր

Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ Դոկտ. Նորա Արիսեանի նախաձեռնութեամբ սուրիական «Ֆարահ» ռատիոկայանէն սփռուող «Եան» հաղորդումը կը շարունակէ ներկայացնել «Հայկական ժամ»ը: Այս մասին ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ըԿիրակի`  Հոկտեմբեր 9-ին, հաղորդումը հիւրընկալեց Դամասկոսի Համազգայինի (Լեւոն Շանթ) մասնաճիւղի վարչութեան անդամները, խօսելու` «Գեղարուեստական երեկոյ»ին մասին, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ օրը Դամասկոսի մէջ:

Վարչութեան ատենապետ Վազգէն Պելեան, վարչութեան անդամներ Շուշիկ Սարգիսեան և Յաւերժ Սանոսեան ներկայացուցին Համազգայինի պատմականը, տեղի ունեցած երեկոյին և գործունէութեան մասին:

«Եան Հայկական ժամ» հաղորդումին ընթացքին Ասպետ ԳելԽաչերեան հայերէնով ունկնդիրներուն հրամցուց հայկական երգեր:

Scroll Up