Բակօ Սահակեան Ընդունած է Ֆրեզնոյէն Ժամանած Խումբ Մը Բժիշկներ

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 10-ին ընդունած է Ֆրեզնօ քաղաքէն ժամանած խումբ մը բժիշկներ, որոնք բարեգործական հիմունքներով բժշկական սպասարկում կ՝իրականացնեն ԼՂ քաղաքացիներու համար:
Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են առողջապահութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան հեռանկարներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է ամերիկացի բժիշկներուն՝ անոնց առաքելութեան համար` ընդգծելով, որ մեր երկրին մէջ բարձր կը գնահատեն մարդասիրութեան նման դրսեւորումները:
Հանդիպման մասնակցած են ԼՂՀ առողջապահութեան նախարար Կարինէ Աթայեան, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեան եւ պաշտօնատար այլ անձիք: