Բրիտանահայերը Կ’օժանդակեն Տաւուշի Մարզի Բաղանիս Գիւղի Դպրոցականներուն
Յուլիս 25-ին` նոր ուսումնական տարուան ընդառաջ, դպրոցական պայուսակներ եւ անհրաժեշտ գրենական պիտոյքներ ստացան սահմանամերձ Բաղանիս գիւղի դպրոցի 100 աշակերտները: Սա բրիտանահայերու հերթական նուէրն էր Հայաստանի գիւղական համայնքներու դպրոցականներուն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Հիմնադրամի պաշտօնական կայքէն:
«Հայաստան» հիմնադրամի Մեծ Բրիտանիոյ տեղական մարմնի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անահիտ Ղազարեան, որ ինչպէս միշտ ժամանած էր Լոնտոնէն նուէրները յանձնելու նպատակով, կը նշէ, որ սահմանամերձ գիւղի բնակիչներուն նկատմամբ թէկուզ փոքր հոգածութիւնը միայն նիւթական հարց չի լուծեր: Այս սկզբունքով կ’առաջնորդուի տեղական մարմինը, որ առողջապահական եւ կրթական հաստատութիւններ կեանքի կոչելուն զուգահեռ, կը յաջողի նաեւ միջոցներ հայթայթել հայրենիքի մէջ այս կամ այն գիւղի դպրոցականներուն ուրախութիւն պարգեւելու համար:
Տասներկու տարուան ընթացքին սոցիալական այս ծրագիրով Մեծ Բրիտանիոյ տեղական մարմինը դպրոցական պարագաներ ու գրենական պիտոյքներ նուիրաբերած է Հայաստանի Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի, Վայոց Ձորի, Սիւնիքի եւ Արագածոտնի մարզերու շուրջ 2400 աշակերտի: