Դեսպան Նազարեանի Ելոյթը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովի Առաջին Կոմիտէին

Հոկտեմբեր 30-ին Նիւ Եորքի մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի գլխաւոր ժողովի 68-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս ԳԱ առաջին կոմիտէի «Տարածաշրջանային վստահութեան ամրապնդման միջոցներ» օրակարգի կէտով ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան:

Նշելով, որ այդ միջոցները կը հանդիսանան կարեւոր բաղկացուցիչ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման ու պահպանման համար` դեսպան Նազարեան անդրադարձաւ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի հանդէպ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ շարունակաբար հնչող սպառնալիքներուն, ռազմական ծախսերու աւելացման ու անոր արդիւնքով սանձազերծած սպառազինութիւններու մրցավազքին եւ սահմանային սադրիչ գործողութիւններուն:

Կարէն Նազարեան նշեց, որ Ատրպէյճանը շարունակաբար կը մերժէ ոչ միայն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու առաջարկած խաղաղ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքները, այլ նաեւ վստահութեան ամրապնդման ձեռնարկները, մէջը ըլլալով` շփման գիծէն դիպուկահարներու դուրս բերման, հրադադարի խախտման դէպքերու համար հետաքննութեան մեխանիզմ ստեղծելու առաջարկութիւնները:

Դեսպանը ընդգծեց, որ ուժի կիրառումը չի կրնար յանգեցնել հիմնահարցերու լուծման, եւ բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան կարգաւորման այլընտրանք գոյութիւն չունի: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up