Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Գծով Հանդիպում

Մոնթրէալ իր կեցութեան կարճատեւ շրջանին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին իրաւաբաններու խումբի գլխաւոր պատասխանատու դոկտ. Փայամ Ախաւանի հետ:

Խորհրդակցութեան ներկայ եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ իրաւաբան Վահէ Եագուպեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատին առնչուած հարցերու պատասխանատու Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան դատին գործընթացն ու յառաջիկայ հանգրուանները՝ իրենց իրաւական ու պատմական երեսներով:

Յայտնենք, որ Հոկտեմբեր 21ին, Ժընեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ խորհրդակցական ընդլայնուած հանդիպում մը, որուն պիտի մասնակցին յանձնախումբի հայ թէ օտար բոլոր անդամները:

Scroll Up