Բաց Դռներու Օր «Արմատ» Դպրոցին ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/արմատ.jpg)
Արմատներ ունեցող ծառը կ’ապրի հարիւրաւոր ու հազարաւոր տարիներ` ամուր կառչած իր հողին, սնուելով ու սնելով, ինքնավստահ, կայացած: Հայրենիքին նուիրուած, ազգային աւանդոյթներով տոգորուած մարդը նման է այս ծառին: Աշխարհաքաղաքացին անդէմ եւ անյենարան ամպի նման ազատ կը ճախրի երկնքին մէջ եւ կը տարուբերի ամէն քամիէ` անհեռանկար եւ անհասցէ: Հարաւային Ռուսատանի Հայոց Թեմի «Արմատ» դպրոցի ուսուցիչները եւ ղեկավարները համոզուած են, որ առաջինը աւելի հետաքրքիր եւ էական երեւոյթ է: Այդ համոզումով ալ արդէն տասներորդ ուսումնական տարին յամառօրէն կը սնուցեն Գրասնոտարի հայ մանուկներու եւ պատանիներու կամայ թէ ակամայ պատուաստ ընդունած արմատները, անոնց հաղորդելով հայրենիքի ջերմութիւնն ու աւիւնը:
Հոկտեմբեր 2-ին այստեղ մեկնարկեց հերթական ուսումնական տարին: Բաց դռներու օրը «Վարդանեան» կրթամշակութային կեդրոնի հոյակերտ շէնք բերած էր հարիւրաւոր մարդոց, որոնց դպրոցը ներկայացաւ նոր կարգավիճակով` որպէս պետականօրէն արտօնագրուած լրացուցիչ կրթութեան կեդրոն: Հիանալի կազմակերպուած կուռ ծրագիրով, այցելուները սբ. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ մէջ սբ. Պատարագ լսելէ յետոյ հայրենասիրական երգերու ելեւէջներու եւ ուղղորդող հրահանգներու ուղեկցութեամբ բարձրացան դահլիճ: Այստեղ կեդրոնի տնօրէն Տէր Սարգիս Թաշճեանի եւ փոխտնօրէն Ալեքսանդր Բարսեղեանի ողջոյնի խօսքերուն յաջորդեցին կեդրոնի գործունէութեան եւ նպատակներուն վերաբերեալ պարզաբանումներ: Ապա` բոլոր հետաքրքրուողները շրջեցան դասարանէ դասարան, ուր արդէն արձանագրուած աշակերտներուն վարպետութեան դասեր կու տային մանկավարժներ Մեքսիդա Յովհաննիսեան, Երազիկ Յարութիւնեան, Արշալոյս Երեմեան, Մարգարիտա Վարդանեան, Սրբուհի Սաֆարեան, Վալենթինա Մուրադեան, Քրիստինա Խալաթովան, Գալիսա Տիգրանեան եւ Կարինէ Եղիկեան:
Մանկավարժներն ու աշակերտները անսահման շոյուած էին Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Մովսէս Եպիսկոպոս Մովսէսեանի, բարերար Կարէն Գրիգորեանի եւ եկեղեցւոյ խաչքաւորներու այցելութենէն:
Կազմակերպչական խումբի բոլոր անդամները` լուսանկարիչներ Էմիլ Դոկտորեան եւ Էսթեր Արզումանովան, տեսագրողներ Սուրէն Տէր-Կարապետեան եւ Վլադիմիր Ջալաւեան, նկարիչ Նիքոլա Միրումեան, հաղորդավարներ Պորիս Աւետիսեան եւ Տիգրան Յովհաննիսեան` Անի Միրումեանի ղեկավարութեամբ եւ Երիտասարդական կազմակերպութեան կամաւորներու աջակցութեամբ, շաղկապեցին օրուան բոլոր ստեղծագործական հատուածները եւ գոհացուցին այցելուները:
«Ուրարտու» դասարանին մէջ հայրենագիտութեան դասը նուիրուած էր հայ ժողովուրդի դարեդար պաշտած եօթ սրբութիւններու իմաստաւորման, «Խաչքար» դասարանի ուսանողները Երեւանի մօտալուտ օրուան նուիրուած նիւթեր կ’ուսումնասիրէին, «Փոքր Մհեր» դասարանի ամենակրտսեր սաները աջ ձեռքերը հանդիսաւորութեամբ սեղմած ձախ կուրծքերուն կ’արտասանէին`
Իմ սէ՛ր, իմ կեա՛նք, իմ երազա՛նք,
Իմ տու՛ն, իմ յո՛յս, իմ հոգու լո՛յս,
Ծիրանագոյն իմ բուրաստա՛ն,
Յաւերժ պայծառ ի՛մ Հայաստան:
Եւ անոնց մատաղ հոգիներուն մէջ կը ձեւաւորուէր հայրենիքի սրբասուրբ կերպարը:
Այսպէս, դպրոցի բոլոր 10 միաւորումներուն մէջ տարբեր ձեւերով, մեթոտներով եւ ուղղութիւններով, հմուտ մանկավարժներու ձեռքերուն մէջ մարմին ու շունչ պիտի առնէ իր արմատներուն հաւատարիմ, ինքնավստահ, ժամանակակից գիտելիքներով զինուած հայ պատանիի լուսաւոր անհատականութիւնը, եւ հայու ուժեղ ոգին պիտի թեւածէ ողջ հայաշունչ տարածքին մէջ: Բարի գալուստ Գրասնոտարի բոլոր արեան կանչին հլու հայերուն:
Երազիկ Յարութիւնեան
Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»