ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԻԳԻԹԽԱՆԵԱՆԻ 60 -ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ ԱԽԱԼՑԽԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

Հոկտեմբեր 30-ին Ախալցխայի Հայկական Երիտասարդական Կրթամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Վահրամ Գայֆեճեանի անուան ստեղծագործողներու միութեան նախագահ, մանկավարժ եւ մտաւորական Ալեքսանտր Իգիթխանեանի 60 -ամեակին:

Ձեռնարկին ընթացքին երիտասարդական կեդրոնի երգչախումբը Հեղինէ Մանասեանի ղեկավարութեամբ Ալեքսանտր Իգիթխանեանի պատուին հանդէս եկան  շարք մը ժողովրդական երգերու կատարմամբ: Հնչեցին բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ:

Կեդրոնի տաղանդաւոր աշակերտուհիներէն մէկը` Ասիա Վանցեան, ընթերցեց Ալեքսանտրի պատուին իր  գրած բանաստեղծութիւնը:

Ալեքսանտր Իգիթխանեանը իր հերթին խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին նախաձեռնութեան համար եւ Երիտասարդական կեդրոնի գրադարանին նուիրեց մեծ նկարիչ Վահրամ Գայֆեճեանի ալպոմ-գիրքը, ինչպէս նաեւ այլ գրքոյկներ ու միութեան կողմէ հրատարակուած թռուցիկներ: Իգիթխանեան խոստացաւ ամսական առնուազն մէկ անգամ այցելել Երիտասարդական կեդրոն եւ նկարի խմբակի համար կազմակերպել դասախօսութիւններ:

Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ հայր Յակոբը շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդական կեդրոնի  գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար եւ աւելցուց, որ միասնական ուժերով պէտք է մշտապէս օգտակար ըլլան երկու կազմակերպութիւններու զօրացման գործին:

Ձեռնարկի աւարտին Էդուարդ Այվազեան երիտասարդական կեդրոնի անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց Ալեքսանտրին իր  ստեղծագործական գործունէութեան համար` նշելով, որ երկուքուկէս տարի առաջ հիմնադրուած Վահրամ Գայֆեճեանի անուան ստեղծագործողներու միութիւնը չփորձեց նմանակել իրենց գործունէութիւնը, այլ  լրացուց Երիտասարդական կեդրոնի աշխատանքները` վերցնելով  ուրիշ կարեւոր ուղղութիւն, որուն որպէս արդիւնք կազմակերպութիւններու միջեւ յառաջացան շատ սերտ գործընկերային
յարաբերութիւններ:

Ձեռնարկը աւարտեց փոքրիկ հիւրասիրութեամբ:

http://akhaltskha.net/

Scroll Up