Ամփոփուած Են «Հայրերու Հող» Կարճամեթրաժ Ֆիլմերու Մրցոյթի Արդիւնքները

Ամփոփուած են Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական հիմնարկի  նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայրերու հող» խորագիրով կարճամեթրաժ, ցածրապիւտճէ ֆիլմերու մրցոյթի արդիւնքները: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին  կը յայտնեն համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հայաստանեան գրասենեակէն:

Մրցոյթը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին եւ նպատակ ունէր խթանել ժամանակակից հայ ֆիլմարուեստը, բացայայտել ոլորտին մէջ ստեղծագործող նոր անուններ, աջակցիլ ուսանող, երիտասարդ սենարիստներու եւ բեմադրիչներու:

Մրցոյթին ներկայացուած 17 սենարներէն հեղինակաւոր ժիւրին ընտրած է 3 լաւագոյնները, որոնց հիման վրայ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հովանաւորութեամբ նկարահանուած են  հետեւեալ ֆիլմերը`

Շողեր Պետրոսեանի «Հայրերու հող»

Վարդան Թովմասեանի «Մեր գիւղի լոյսերը»

Սոնա Տօնականեանի «Գնդակը»

Ս.թ. Հոկտեմբեր 7-ին`ժամը 16:00-ին, Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակին մէջ տեղի կ’ունենայ Շողեր Պետրոսեանի «Հայրերու հող» ֆիլմի ցուցադրութիւնը:

«Հայրերու հող» խորագիրով մրցոյթի ժիւրին կը գլխաւորէր Հայաստանի ազգային ֆիլմի ակադեմիոյ նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան,  իսկ ժիւրիի կազմին մէջ ընդգրկուած էին  համազգային  հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան, կինոգէտ Անէթա Երզնկեան, Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական հիմնարկի տնօրէն Դաւիթ Մուրադեան, դրամատուրգ Ռուբէն Յովսէփեան, սենարիստ Սպարտակ Ղարաբաղցեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ բեմադրիչ Նիկոլ Պէզճեան:

 

Scroll Up